«Արցախը Կը Սպասէ Մեր Արձագանգին»․ Կոչ Լիբանանահայութեան
0
Լիբանանահայութիւնը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հարազատ նեցուկը Արցախին Վստահաբար, բոլորիս ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի Արցախ եւ արցախահայութիւն, որուն անվտանգութիւնը ապահովելու հրամայականը մեզ կը հրաւիրէ արթնութեան ու նոր զոհաբերութիւններու: Այո՛, լուրերը ծանր են ու չարագուշակ, եւ բոլորս գիտենք, թէ Ազրպէյճանը, գազանական կիրքով տարուած, աւելի քան 250 օրէ ի վեր փակած է Արցախը Հայաստանին կապող