103news.com
World News in Armenian
Ноябрь
2023

Կրոնն ու քաղաքականությունը տարբեր իրականություններ են, սակայն սերտորեն միմյանց առնչվող․ Արամ Ա կաթողիկոսը դասախոսություն է կարդացել Ջորջ Վաշինգտոն համալսարանում

0

Երկշաբաթյա այցով ԱՄՆ-ու գտնվող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախոսություն է կարդացել Ջորջ Վաշինգտոն համալսարանում։ Ինչպես հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից, դասախոսությունը «Կրոնը Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական հարաբերությունների ներքո» խորագիրն էր կրում:

«Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ներկայ աշխարհին մէջ հետզհետէ աճող կրօնքին ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու մէջ: Ան ըսաւ, որ հին դարերէն սկսեալ կրօնքը ազդու ներկայութիւն դարձած է ազգերու կեանքի զանազան մարզերու մէջ: Այսօր եւս, կարելի չէ բաժանման գիծեր հաստատել կրօնքին եւ ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքին միջեւ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ կրօնքին դերը երբեմն եղած է ոչ-դրական, հակառակ իր բարոյական արժէքներու ուսուցման, որովհետեւ ան շահագործուած է քաղաքական կառոյցներու ու գաղափարախօսական վարդապետութիւններու կողմէ:

Ընդհանուր ակնարկէ ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց միաստուածեան երեք կրօններուն վրայ եւ յատկապէս անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-

Ա) Հաւատքի ու բանականութեան փոխ-յարաբերութիւն: Հայրապետը այս ծիրէն ներս նշեց, թէ ճիշդ չէ հաւատքը հեռացնել բանականութենէն, որովհետեւ ան կրնայ սխալ ուղղութեան առաջնորդել հաւատացեալը, միաժամանակ ճիշդ չէ հաւատքը ամբողջութեամբ բանականութեան սահմաններուն մէջ պահել: Հետեւաբար, բանականութիւնն ու հաւատքը զիրար ամբողջացնող յարաբերութիւն պէտք է ունենան, որովհետեւ զանոնք իրարմէ հեռացնելը կրնայ լուրջ անպատեհութիւններ յառաջացնել:

Բ) Կրօնք եւ քաղաքականութիւն: Ասոնք տարբեր իրականութիւններ են, սակայն՝ սերտօրէն իրարու առնչուած: Կրօնքը պէտք չէ քաղաքական օրակարգերու ու կառոյցներու հետ նոյնացնել, միաժամանակ կրօնքը կարելի չէ ապաքաղաքականացնել, որովհետեւ քաղաքական օրակարգի մաս կազմող հարցերը՝ արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, կենսոլորտը եւ այլն, նաեւ կրօնական տարածքներ ունին, եւ, հետեւաբար, անոնք անհրաժեշտ է, որ քննարկուին կրօնքին կողմէ:

Գ) Կրօնքը միացուցիչ ու բաժանարար դեր ունի: Այս երեւոյթը առնչուած չէ կրօնքին ինքնութեան ու առաքելութեան, այլ՝ ոչ-կրօնական կառոյցներու կողմէ անոր շահագործումին: Հետեւաբար, յաճախ ինքզինք հակասութեան մէջ տեսնող կրօնքը անհրաժեշտ է զգոյշ ըլլայ՝ կառչած մնալով իր ուսուցումներուն եւ արժէքներու համակարգին:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը անցնելով իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին, անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի շրջագծէն ներս.-

1) Փոխադարձ վստահութիւն: Ան ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապները մեծ չափով արդիւնք են փոխադարձ վստահութեան պակասին: «Երբ ինքզինքս կը նկատեմ հողին տէրը, որուն վրայ կ՚ապրիմ եւ իմ դրացիս՝ իբրեւ գրաւողը այդ նոյն հողին, սա կը նշանակէ, որ դրացիիս ներկայութիւնը սպառնալիք է ինծի համար եւ՝ փոխադարձաբար»: Դժբախտաբար, այս կացութեան խորացման մէջ կրօնքին դերը եղած է բացասական: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ միաստուածեան կրօնները, միասնական ճիգով եւ իրենց ունեցած հաւաքական արժէքներու լոյսին տակ, կարենան վստահութիւն ստեղծել նոյն հողին վրայ ապրող ժողովուրդներուն միջեւ:

2) Աշխատիլ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար: Խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը Աստուածատուր իրաւունքներ են, եւ, հետեւաբար, անոնք կրօնքի առաքելութեան մաս կը կազմեն: Կարելի չէ խաղաղութիւնը պարտադրել. կարելի է զայն հաստատել արդարութեան հիման վրայ: Կրօնքին դերը այս ուղղութեամբ էական է։

3) Աշխատիլ ի խնդիր ժողովրդավարական կարգերու հաստատման: Միջին Արեւելքի ընկերութիւններէն ներս ժողովրդավարական սկզբունքները այնքան ալ ընդունելի չեն եղած: Ոմանք կը կարծեն այդ սկզբունքներու հաստատումով կրնան ծայրայեղականները իշխանութիւնը ձեռք ձգել. ուրիշները կը կարծեն, թէ ժողովրդավարական կարգերը կրնան զսպել ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու տարածումը. տակաւին, ոմանք կը կարծեն, թէ ժողովրդավարական սկզբունքները արեւմուտքի մաս կը կազմեն: Անհրաժեշտ է, որ ժողովրդավարական արժէքները համապատասխանեն Միջին Արեւելքի իւրայատուկ իրականութիւններուն ու ըմբռնումներուն, այլապէս կրնան հակառակ արդիւնքը ունենալ:

4) Պայքար արմատական շարժումներուն դէմ: Միաստուածեան կրօններու ուսուցումները կը դատապարտեն արմատական շարժումները, որոնք կը չարափոխեն կրօնքին ուսուցումները՝ զանոնք նոյնացնելով իրենց քաղաքական օրակարգերուն հետ: Հետեւաբար, երեք կրօնները միացեալ ճիգերով անհրաժեշտ է, որ ամրապնդեն իրենց հետեւորդներու կեանքին մէջ փոխադարձ յարգանքը ու վստահութիւնը:

5) Տագնապները դիմագրաւել միասնաբար: Այս ուղղութեամբ հրամայական է երեք կրօններուն հասարակաց արժէքները դարձնել չափանիշ մտածելակերպի, գործելակերպի ու կենցաղակերպի, մերժելով այնպիսի մօտեցումներ, որոնք կրնան տագնապներ յառաջացնել ընկերութեան կեանքէն ներս:

Վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ՝ յաճախ օրինակներ տալով եւ միշտ շեշտելով նոյն արմատները ունեցող միաստուածեան երեք կրօններուն միջեւ գործակցութեան հրամայականը:

Իր դասախօսութեան վերջաբանին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ եբրայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններու ներկայացուցիչները իրարու կը հանդիպին միջ-կրօնական հաւաքներու ընթացքին Միջին Արեւելքէն դուրս. ինչո՞ւ անոնք պիտի չհանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր ունին իրենց սրբազան կեդրոնները. ինչո՞ւ խորհրդանշական նշանակութիւն ունեցող Երուսաղէմի մէջ հանդիպելով եւ հաւաքական յայտարարութիւն կատարելով պիտի չվերանորոգեն հաւաքական արժէքներու ու սկզբունքներու հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը: Ահա՛ մարտահրաւէրը անոնց դիմաց: Արդեօք քաջութիւնը, իմաստութիւնը եւ յանձնարարութիւնը ունի՞ն միաստուածեան երեք կրօնները նոր էջ մը բանալու Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, ամբողջական խաղաղութեան ուղղութեան առաջին գործնական քայլը առնելով:

Յայտնենք, որ դասախօսութեան բացումը եւ փակումը կատարեց համալսարանի միջազգային օրէնքի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արամ Կաւուրը: Ան ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին ունեցած դերը միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ծիրէն ներս ու անոր ակադեմական խորքը ու գործունէութիւնը: Դասախօսութեան սրահը լեցուն էր. ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, պետական կառոյցներու առնչուած անձեր եւ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ», - ասված է հաղորդագրության մեջ:





Губернаторы России
Москва

«В ближайшие регионы»: Собянин анонсировал продление МЦД до четырёх областей





Москва

Вильфанд: сентябрь для Москвы и Петербурга будет самым теплым в истории


Губернаторы России

103news.net – это самые свежие новости из регионов и со всего мира в прямом эфире 24 часа в сутки 7 дней в неделю на всех языках мира без цензуры и предвзятости редактора. Не новости делают нас, а мы – делаем новости. Наши новости опубликованы живыми людьми в формате онлайн. Вы всегда можете добавить свои новости сиюминутно – здесь и прочитать их тут же и – сейчас в России, в Украине и в мире по темам в режиме 24/7 ежесекундно. А теперь ещё - регионы, Крым, Москва и Россия.

Moscow.media
Москва

Сергей Собянин. Главное за день



103news.comмеждународная интерактивная информационная сеть (ежеминутные новости с ежедневным интелектуальным архивом). Только у нас — все главные новости дня без политической цензуры. "103 Новости" — абсолютно все точки зрения, трезвая аналитика, цивилизованные споры и обсуждения без взаимных обвинений и оскорблений. Помните, что не у всех точка зрения совпадает с Вашей. Уважайте мнение других, даже если Вы отстаиваете свой взгляд и свою позицию. 103news.com — облегчённая версия старейшего обозревателя новостей 123ru.net.

Мы не навязываем Вам своё видение, мы даём Вам объективный срез событий дня без цензуры и без купюр. Новости, какие они есть — онлайн (с поминутным архивом по всем городам и регионам России, Украины, Белоруссии и Абхазии).

103news.com — живые новости в прямом эфире!

В любую минуту Вы можете добавить свою новость мгновенно — здесь.

Музыкальные новости

Александр Галич

В театре драмы - премьера - "Матросская тишина" по пьесе Александра Галича




Спорт в России и мире

Алексей Смирнов – актер, которого, надеюсь, еще не забыли

Подведены итоги конкурса «Мы верим твердо в героев спорта»

Подведены итоги конкурса «Мы верим твердо в героев спорта»

Глава ВФХГ Винер заявила, что получает 168 тысяч рублей в месяц


Хуберт Хуркач

Хуркач пожертвует по €100 за каждый эйс пострадавшим от наводнения



Новости Крыма на Sevpoisk.ru


News Every Day

Elle King shares major life update after opening up about 'toxic' relationship with dad Rob Schneider



Частные объявления в Вашем городе, в Вашем регионе и в России