Միրզոյեան եւս յուշակորոյս է, չի տեսներ, որ Ատրպէյճան չի գիտեր թէ ինչ կը նշանակեն խաղաղութիւն, մշակոյթ, մարդու իրաւունք. «Հայրենիք»
Ծիծաղելին, ողբերգակա՛նը նաեւ այլ տեղ է. Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, այս համագումարին խօսք առնելով, յայտնած է, թէ Հայաստան կ՛աջակցի «Եունեսքօ»-ի նման կազմակերպութեան ջանքերուն՝ խթանելու խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան մշակոյթը, որ խարսխուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման վրայ: Միրզոյեան եւս յուշակորոյս է, որովհետեւ չի տեսներ, որ Ատրպէյճան չի գիտեր թէ ի՞նչ կը նշանակեն խաղաղութիւն, մշակոյթ, մարդու իրաւունք…