Համազգային Ցնցիչ Ձախորդութիւններուն Վաղորդայնին
Խորքային, համարձակ եւ անկեղծ մօտեցումով մը պէտք է փնտռենք եւ գտնենք այսօրուան մեր խեղճացած վիճակին տուն տուող գլխաւոր պատճառները: Յետոյ, նոյն անկեղծ եւ մանաւանդ համարձակ մօտեցումով քաջութիւնը պէտք է ունենանք գործադրելու վերակազմակերպման անհրաժեշտ եւ հիմնական այն միջոցառումները, որոնց շնորհիւ է միայն որ աշխարհատարած հայութիւնը այս հանգրուանին կրնայ որդեգրել տրամաբանական, համոզիչ եւ յոյս ներշնչող այն ճանապարհները որոնք յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին աշխարհատարած հայութիւնը կրնան անգամ մը եւս առաջնորդել դէպի վերականգնում: