Օրակարգային բազմաթիւ նիւթերէն յատկանշականօրէն քննարկումի նիւթ դարձան արդարեւ, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը
ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովը Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Երեքշաբթի 19 Մարտի առաւօտեան ժամը 10-ին գումարուեցաւ Թեմի հոգեւորականաց Ընդհանուր ժողովը: Ժողովին մասնակցեցան Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներ: Ժողովը բացուեցաւ Սրբազան հօր աղօթքով, որմէ ետք քննարկումի նիւթ դարձան օրակարգային բազմաթիւ նիւթեր, որոնք առնչուած են մասնաւորաբար հոգեւոր հովիւներու ծառայական