Պոլսոյ Նահանգապետարանը արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչումը
Vatican News. Ապրիլի 24ի ոգեկոչման հարթակին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը նախատեսուած էր իրականացնել Ապրիլ 24ին՝ Ցեղասպանութեան սկիզբի վայրը համարուող Քատըքոյ թաղամասին մէջ: Այս որոշումը կը նկատուի շարունակութիւնը նախորդ տարիներու քաղաքականութեան, երբ հարթակին կողմէ այսպիսի դիմումներ կը մերժուէին: Պոլսոյ նահանգապետարանը յայտարարեց, որ կ՛արգիլէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրային ձեռնարկները: Այս մասին գրած է «Միանեթ»ը (bianet):