Թուրքիոյ նախագահը կը շեշտէ, որ Երեւանը գիտակից է ու հասկցած բացուած պատուհանէն դուրս եւ ներս նայելու անհրաժեշտութիւնը․ «Ազդակ»
Ապրիլ 24-ի հերթական նշումի օրերուն Անգարայի պաշտօնական յայտարարութիւնները երեք բաժին ունին: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը պաշտօնապէս ուղղուած Երեւանին, ցաւակցութիւնը` Պոլսոյ պատրիարքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումը` միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին: Ուղերձները պաշտօնական հասցէներ ունին, այդուհանդերձ հրապարակային ըլլալով բազմաթիրախային են: Երրորդ ուղերձը, որ կը պատկանի Անգարայի արտաքին գերատեսչութեան: Հիմնական բաժինը այն է, որ 1915-ի դէպքերը