Մոնթէ, ի՞նչ մաղթեմ քեզի
Մոնթէ, հրաշքդ պարզութեանդ մէջ է ու հաւատարմութեանդ՝ քու սկզբունքներուդ։ Անկեղծութեանդ մէջ է եւ նուիրումիդ։ Քու հմայքդ կեանքը լիովին ըմբոշխնելու կենսունակութեանդ մէջ է ու լաւատեսութեանդ։ Ճնշուածին օգնելու քու պատրաստակամութեանդ մէջ ու կորովիդ։