Իրատեսական քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան կիրառումը կենսական պիտի ըլլայ. «Հայրենիք»
Հայաստան- Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթին մէջ թրքական երկրորդ նախապայմանը Արցախի իրավիճակն է, որուն կապակցաբար վերջին շրջանին թրքական կողմը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ հետ բացայայտ բախման հաւանականութիւնը բարձրացուցած է՝ շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական միակ դերակատարը դառնալու իր նկրտումներուն պատճառով։ Մինչ այլեւս յստակ է, որ Ռուսիա- Իրան- Թուրքիա- Հայաստան- Վրաստան- Ատրպէյճան հարթակը, որ երեք առաւել երեք ձեւաչափով …