Թշնամին Ի՞նչ Գին Պիտի Պահանջէ Ազատ Արձակելու Համար Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութիւնը
Վերջին օրերուն հայկական լրատուաշխարհը տարածեց տեղեկութիւն մը, որ քաղուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին աշխատակազմի կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութենէն: Յայտարարութիւնը ի միջի այլոց կը յայտնէր, որ «Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ պիտի արձակէ 32 հայ զինծառայող»: Այս լուրին անմիջապէս յաջորդեց ցուցակ մը, ուր նշուած էին ազատ արձակուող 32 հայորդիներուն անունները: